Սոյն Հանգանակին նպատակն է՝ հաւատքի, ընկերակցութեան եւ գործակցութեան հիմ դնել մեր միջեւ: Թէեւ հանգանակին մէջ որդեգրուած ոճը ներշնչեալ չէ, եւ գրուած բանաձեւը (որ հիմնական է իւրաքանչիւր Քրիստոնէական ճշմարիտ ծառայութեան համար) չ'ընդգրկեր Սուրբ Գրային ամբողջական ճշմարտութիւնը, բայց եւ այնպէս՝ կը բաւարարէ այս հիմնական վարդապետութեանց մասին մեր կարիքը:
Կը հաւատանք, թէ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն համարները տառացիօրէն ներշնչեալ են Աստուծմէ եւ Աստուծոյ յայտնութիւնն են մարդուն, անոնք սխալէ զերծ են եւ կը ներկայացնեն հաւատքի տնօրինումին եւ ճշդումին հիմնական իշխանութիւնը: Աստուածային ներշնչականութիւնը հաւասարապէս եւ կատարելապէս կ'ընդգրկէ հարազատ բնագիրներուն բոլոր մասերը եւ կ'երաշխաւորէ անոր արժէքը (Բ.Տմ 3.15-17: Բ.Պտ 1.21):
Կը հաւատանք կենդանի, ճշմարիտ, յաւիտենական եւ ինքնագոյ Աստուծոյ միութեան, որ կը հռչակէ ինքն իր մէկութիւնը, երեք անձերով – Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի (Մտ 3.16-17, 28.19, Բ.Կր 13:14):
Կը հաւատանք, որ մարդը ստեղծուեցաւ արդար եւ ուղիղ, սակայն Աստուծմէ մեկուսացումը՝ հետեւանքն է մեղքի կամաւոր ընտրութեան, որ ոչ միայն մարմնական մահ պատճառեց, այլ նաեւ՝ հոգեւոր մահ, որ նոյնինք Աստուծմէ հեռացումն է (Ծն 1.26-27, 2.17, 3.6: Հռ 5.12-19):
Կը հաւատանք փրկութեան՝ հաւատալով Քրիստոսին, որ մեռաւ մեր մեղքերուն համար, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, եւ իր քաւչարար արիւնով եւ խաչին վրայ զոհաբերումով՝ ամբողջ մարդկութեան փրկութիւնը ապահովուեցաւ: Փրկութեան այս փորձառութիւնը կը ճանչցուի նաեւ՝ որպէս երկրորդ ծնունդ, որ Սուրբ Հոգիին անմիջական գործն է, որով հաւատքի եկող մեղաւորը կը նորոգուի, կ'արդարանայ, դառնալով Աստուծոյ ընտանիքին մէկ անդամը, Քրիստոս Յիսուսով նոր արարած եւ յաւիտենական կեանքի ժառանգորդ (Յհ 3.5-6: Հռ 10.8-15: Տիտ 2.11, 3.4-7: Ա.Յհ 5.1):
Կը հաւատանք, որ հիւանդութենէ բուժումը ապահովուած է քաւչական գործով, եւ անիկա մենաշնորհն է բոլոր հաւատացեալներուն (Ես 53.4-5: Մտ 8.16-17: Յկ 5.14-16):
Կը հաւատանք, որ եկեղեցին Աստուծոյ մարմինն է եւ Աստուծոյ բնակարանը Սուրբ Հոգիով, աշխարհի վրայ Աստուծոյ թագաւորութեան առկայութեան վկան, եւ կ'ընդգրկէ աշխարհատարած բոլոր վերածնածները (Եփ 1.22-23, 2.22: Հռ 14.17-18: Ա.Կր 4.20):
Կը հաւատանք, թէ՝ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է.
Կը հաւատանք, որ սրբացում կը նշանակէ՝ հեռացում ամէն չարիքէ եւ նուիրում Աստուծոյ: Փորձառական իմաստով՝ այս մէկը տեղի կ'ունենայ թէ՛ անմիջապէս եւ թէ՛ աստիճանական ձեւով: Սրբացումին պատճառը՝ Քրիստոսի արեան զօրութիւնը եւ յարուցեալ կեանքն է Սուրբ Հոգիով, որ հաւատացեալին ուշադրութիւնը դէպի Քրիստոս կ'ուղղէ, եւ Խօսքին միջոցաւ կը դաստիարակէ զայն եւ անոր մէջ կը կերտէ Քրիստոսի անձնաւորութիւնը (Հռ 6.1-11, 8.1-2, 12.1-2: Գղ 2.20: Եբր 10.10-14):
Կը հաւատանք, թէ՝ Սուրբ Հոգիի մկրտութիւնը հաւատացեալին կը շնորհէ ապրելու եւ Քրիստոսին ծառայելու զօրութիւնը: Այս փորձառութիւնը կը զանազանուի վերածնունդի փորձառութենէն եւ անոր կը յաջորդէ ու հաւատքով կը ստացուի (Ղկ 24.49, Գրծ 1.8, 2.1-4, 8.15-29, 11.14-17, 19.1-7):
Կը հաւատանք ներկայ օրերուն մէջ Սուրբ Հոգիին իննը պարգեւներու գործնականութեան (Ա.Կր 12), եւ Քրիստոսի շնորհքներով ծառայութեան (Եփ 4.11-13: Հռ 12.4-8), կրթելու եւ ընդարձակելու համար Եկեղեցին:
Կը հաւատանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի մօտալուտ անձնապէս գալստեան, իր ժողովուրդը համախմբելու համար իր մէջ: Այս օրհնեալ յոյսն ու ակնկալութիւնը ունենալով, կը մաքրենք մեր անձերը ինչպէս ինք մաքուր է, որպէսզի պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու զայն, իր գալուստին (Յհ 13.1-3: Տիտ 2.13: Ա.Թս 4.15-17: Ա. Յհ 3.2-3: Յյտ 20.1-6):
Կը հաւատանք ամբողջ մարդկութեան մարմիններու յարութեան, եւ կը գիտակցինք այն յաւիտենական ամբողջական երջանկութեան, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատացողներունը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ՝ յաւիտենական պատիժին բոլոր անոնց՝ որոնց անունները չեն արձանագրուած Կեանքի Գիրքին մէջ (Յհ 5.28-29: Ա.Կր 15.22-24: Յյտ 20.10-15):