Սիրոյ մեղեդիին վրայ պարելը մեր սկզբնական վիճակին կնիքն էր: Մինչ Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը կը վայելէինք, փորձութեան եւ խաբկանքի միջոցաւ մեղքը մտաւ՝ մեզ բաժնելու համար մեր երկնային սիրահարէն: Դատարկ ջրհորի մը ետեւէն վազելով, սկսանք խեղդուիլ անելանելիութեան եւ յուսահատութեան ովկիանոսին մէջ: Կարծելով, թէ կործանումի եզրին հասած ենք, մեր Փրկիչը գալով մեզի երկրորդ պար մը կ'առաջարկէ: Այս բոլորը միայն խաչին միջոցաւ կարելի էր: