Լիբանանի քսան աւետարանական եկեղեցիներէն 27 հովիւներ ներկայ էին միօրեայ այս հովուական համագումարին:
Եպիսկոպոս Ժոզեֆ Մաթթերան՝ Նիւ Եորքի Քրայսթ Քովինընթ Քոուլիշըն կազմակերպութեան նախագահը, խօսեցաւ Թագաւորութեան նման եկեղեցիին մասին: Ան պարզեց (բացայայտեց) անհատական փրկութեան Աւետարանին և Թագաւորութեան Աւետարանին տարբերութիւնը, ազդու եկեղեցիին դերը համայնքը փոխելու գործին մէջ եւ սերունդներուն կրած հետեւանքները, երբ Համաշխարհային Եկեղեցին չի կատարեր այս յանձնարարութիւնը:
Մասնակից հովիւները օրհնեալ ժամանակ անցուցին փառաբանութեամբ եւ պաշտամունքով, ընկերային պահերով եւ քննարկումներով: