Մենք երախտապարտ ենք այն բացառիկ ժամանակին համար, որ միասին անցուցինք՝ խորանալով Աստուածաշունչին ուսուցումներուն մէջ:
Մենք ուսումնասիրեցինք, թէ ի՛նչպէս կրնանք ստանալ Խօսքը, լեցուիլ Խօսքով եւ ամենակարեւորը մեր կեանքերը ապրիլ Աստուծոյ եւ Իր Խօսքին հնազանդելով: Մեր ամբողջ համագումարին ընթացքին Աստուծոյ օծութիւնը շօշափելի էր, որ մեզ կը լեցնէր նպատակի եւ նուիրումի նոր զգացումներով:
Իսկապէս օրհնուած ենք, որ միասին ապրեցանք այս համագումարը՝ աճելով մեր հաւատքին մէջ եւ խորանալով Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ:

Կրնաք այստեղ դիտել կամ լսել քարոզները՝

Ինչպէ՞ս Կը Ստանանք Խօսքը

Որպէսզի Հաւատաք

Պարապ Ջրամբարնե՞ր Թէ՝ Լեցուն Ջրակայաններ

Օծութիւնը Կ'աւելնայ

Սուրբ Հոգիին Ազդեցութիւնը Մարդկային Մարմինին Վրայ

Նախորդ Հրապարակում «Խօսքը»` Տարեկան Համագումար
Յաջորդ Հրապարակում «Խօսքը»` Տարեկան Համագումար