Մէնք խանդավարուած ենք հիւրընկալելու Աւետարանիչ Ռիչըրտ Շարփը Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցիէն ներս: Պենտէկոստէի տօնին առթիւ եղող աւետարանչութեան իբրեւ մէկ բաժինը, Հովիւ Ռիչըրտը մեզ պիտի զինէ երկօրեայ սեմինարներու միջոցաւ (մէկ պահ Ուրբաթ, 25 Մայիսի, կ.ե. ժամը 7:00-ին եւ երկու պահ Շաբաթ, 26 Մայիսի կ.ե. ժամը 2:00-ին եւ ժամը 3:45-ին), որուն պիտի հետեւին նպատակաուղղուած աւետարանչական միջոցառումներ (հանրային միջոցառումներ) մեր ապրած շրջաններուն մէջ: