Մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն ունեցանք տօնելու Լիբանանէն եւ Սուրիայէն 17 ուսանողներու աւարտական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ ISOM-ի (Ծառայութեան Միջազգային Դպրոցի) հիմնադիրներուն՝ Դոկտ. Պերըն եւ Լիսա Կիլֆիլըններուն։

Ութ ուսանողներ ստացան Աստուածաշնչական Ուսումնասիրութեան Վկայականներ, իսկ ինը՝ Աստուածաշնչական Ուսումնասիրութեան Վկայագիրներ։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք արտասահմանէն ժամանած մեր յատուկ հիւրերուն՝ Եպիսկոպոս Ճոզէֆ Մաթերային, Հովիւ Արտաւազդ Մուրատեանին, Հովիւ Արտուշ Առաքելեանին, Հովիւ Արատաւազդ Թադեւոսեանին եւ Հովիւ Տէյլ Վան Սթինիսին, այս յատուկ առիթին մեզի միանալու եւ մեր ուրախութիւնը բաժնեկցելու համար։

Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները։ Թող այս կարեւոր հանգրուանը նոր քայլ մը ըլլայ ձեր կեանքի ճամբուն մէջ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ աճելու եւ Իր Թագաւորութեան հաւատարմութեամբ ծառայելու։

Այցելեցէ՛ք solchurch.com/school

Հեռաձայնեցէ՛ք +961 70 238 651

Գրեցէ՛ք isom@solchurch.com

Ամբողջ փա՜ռքը Աստուծոյ։

Նախորդ Հրապարակում Հաւատարիմ Կոչումին