Այս տարուան մեր փիքնիքը տեղի պիտի ունենայ Տըլէյպէյի منتزه عين الزاهر-ին մէջ, Մայիս 1-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ :
Կէսօրուան ճաշը տեղի պիտի ունենայ կ.ե. ժամը 1:00-ին:

  • Սակ մէկ անձի համար 15$ է, որ կ'ընդգրկէ ուտելիքը, խմելիքը եւ փիքնիքի վայրին գինը: (Նախաճաշ պիտի չունենանք)
  • Հինգէն տասը տարեկան փոքրերու համար, իւրաքանչիւր փոքրիկի սակ՝ 7$:
  • Չորս տարեկան եւ վար փոքրերուն համար մասնակցութիւնը ձրի է:
  • Անոնք, որոնք կը փափաքին օթոպիւսի սպասարկութենէն օգտուիլ փիքնիքի օրը, կը խնդրենք, որ կապուին քարտուղարութեան հետ։

Կը խնդրենք, որ մինչեւ Կիրակի, Ապրիլ 27, ձեր անունները արձանագրէք եւ նոյն ատեն վճարումը կատարէք քարտուղարութեան մօտ:

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է իբրեւ մեծ ընտանիք համախմբուիլ եւ միասին շատ հաճելի ժամանակ անցընել:

Նախորդ Հրապարակում Զոյգերու Երեկոյ