Ուրբաթ 29 Մարտ, 2013-ին Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցիին մէջ տօնեցինք Յիսուսի խաչին բերած յաղթութիւնը: Ծառայութեան ընթացքին, Տէրը գիտութեան խօսքով յայտնեց թէ մէկու մը ականջը կը բացուէր: Ներսէս տասը տարիէ ի վեր տկար կը լսէր, բայց ան վերագտաւ իր լսողութիւնը:
Էլենա եւս բժշկուեցաւ իր ականջի ցաւէն որ տարիներէ զինք կը չարչարէր: Անոր մայրը նաեւ կը վկայէ թէ Տէրը Էլենային բժշկած է թալասիմեայէ, որ արեան բջիջներու ժառանգական հիւանդութիւն մըն է: