Մեր տարեկան «Կեանքի Աղբիւր» ընտանիքին փիքնիքի օրը կրկին հասաւ՜։ Աստուծոյ շնորհքով պիտի ունենաք յատուկ օր մը՝ լեցուն ընկերակցութեամբ, համեղ ճաշով ու միասնական ուրախութեամբ:🤍
Այս տարուան մեր եկեղեցւոյ փիքնիքին վայրն է՝ «Ալ Նասիպ» (Al Naseeb) ճաշարանը՝ Համլայա, Մայիս 1-ին, առտուան ժամը 10:30-էն սկսեալ, իսկ ճաշը պիտի ըլլայ կէսօրուան ժամը 1:00-ին:
✍🏻 Արձանագրութիւնը՝ մինչեւ Կիրակի՝ Ապրիլ 26, քարտուղարութեան գրասենեակին մէջ:
📩 Հարցումներու եւ աւելի տեղեկութեան համար հեռաձայնեցէ՛ք՝ 70 238 651
