20-էն 27 Հոկտեմբեր 2012-ին, Կեանքի եկղեցւոյ հովիւը ճամբորդեց Հայաստան, ուր ան առիթը ունեցաւ ծառայելու Աստուծոյ ժողովուրդ եկեղեցիին մէջ, տարբեր շրջաններու մէջ:
Ինչպէս միշտ, Տէրը հաւատարիմ էր եւ Իր Խօսքը հաստատեց նշաններով ու հրաշքներով: Երեւանի մէջ կատարուած ծառայութեան ընթացքին, Հովիւը քաջալերեց հաւատացեալները որպէսզի գործածեն Յիսուսով իրենց ստացած իշխանութիւնը եւ Սատանան ու անոր գործերը կապելով՝ վերստանան իրենց առողջութիւնը: Շատեր վկայեցին իրենց ստացած բժշկութիւններուն համար:
- Երկու հոգի ձեռքի բաժինին վրայ բժշկութիւն ստացաւ՝ Սւետան եւ Սուսաննան:
- Լուսինէ, Աննա եւ Մարիամ մէջքի եւ ողնաշարի վրայ բժշկութիւն ստացան:
- Լիտան ուսերուն վրայ բժշկութիւն ստացաւ: Լիանա եւս վկայեց:
- 2 հոգի վկայեց ականջի եւ ակռայի բժշկութեան համար:
- Յասմիկ ստամոքսի վրայ բժշկութիւն ստացաւ իսկ Յարութիւն՝ իր ծունկերուն վրայ:
- Էթէր եւս վկայեց:
Հովիւը նաեւ ծառայեց Արարատեան Շրջանի Աստուծոյ Ժողովուրդ Եկեղեցիին մէջ: Ան հաւատացեալները քաջալերեց որ Աստուծոյ շնորհքը առնո՛ղ ըլլան եւ ո՛չ թէ մուռացող, 12 տարի արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ նման, որ բազմութիւնը ճեղքեց Յիսուսի քղանցքին դպչելու ու բժշկուելու համար:
- Սուզի եւ Նորա գլուխի վրայ բժշկութիւն ստացան: Ուրիշ քոյր մը եւս բժշկուեցաւ ճակատի եւ լինտերուն վրայ իր ունեցած ցաւէն:
- Սւետա բժշկութիւն ստացաւ ծոծրակի վրայ իսկ Անահիտը՝ ծունկերուն վրայ:
- Գոհար բժշկուեցաւ իր մէջքի ցաւէն:
- Ռուբէն վկայեց թեւի ոսկորին վրայ իր ստացած բժշկութեան համար:
Աստուածաշունչը կ'ըսէ Յիսուս «պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր» (Գրծ 10.38):
Յիսուս այսօր նստած է գերագոյն զօրութեան աջ կողմը եւ մեր կեանքերուն մէջ կը գործէ նոյ՛ն զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, Սատանայէն գործերը քանդելով (Ա. Յհ 3.8):