Օգոստոս 4-էն 10 Օգոստոս 2012-ին, եկեղեցւոյ հովիւը ծառայութեամբ ճամբորդեց Հայաստան:
Ծառայութեան ընթացքին, Տէրը խօսեցաւ յաղթութեան եւ բժշկութեան համար եւ իր ծառային միջոցաւ մղեց ներկաները, որպէսզի գործածեն Յիսուսէն ստացած իրենց իշխանութիւնը, տիրելու համար բոլոր դժուարութիւններուն վրայ:
Տէրը գիտութեան խօսքով բժշկութիւններ յայտնեց եւ բժշկեց մեծ թիւով ներկաներ, որոնք վկայեցին:
- Արեքնազ եւ Համլէթ բժշկուեցան կոկորդի ցաւէ:
- Կարինէ բժշկութիւն ստացաւ իր ձայնալարերուն վրայ: Տէրը գիտութեան խօսքով յայտնած էր կոկորդի վրայ արձակումի մասին եւ Կարինէ վկայեց թէ ինչպէս զգացած էր ցաւին արձակուիլը եւ դուրս գալը:
- Էլա վկայեց ականջի բժշկութեան համար:
- Նարինէ բժշկութիւն ստացաւ կկուին (փէօչի) վրայ:
- Աննա մօտ երկու տարիէ ի վեր կոնքի ցաւ ունէր, բայց Տէրը բժշկեց զինք:
- Սթէօփ եւս վկայեց կոնքի ոսկորի բժշկութեան համար, որ ստացած էր հովիւին դէպի Հայաստան կատարած նախորդ ճամբորդութեան ծառայութիւններուն ընթացքին:
- Էւքինէ ստացաւ ոտքի բժշկութիւն:
- Եարան՝ իրանցի կին մը, կը վկայէ թէ Յիսուս զինք բժշկեց իր թեւի ցաւէն, որ մինչեւ իր ոտքերը կը հասնէր:
- Լիտա բժշկուեցաւ ուսի ցաւէ:
- Էլիանորա ստացաւ բժշկութիւն իր աջ կոնքին վրայ:
- 3 հոգի ստացաւ մէջքի բժշկութիւն՝ Ժուլիէթան, լիլիթը եւ ռուզանան:
Մեր Տէրը ողջ է եւ Ան այսօր կը գործէ այն շնորքներուն միջոցաւ, զորս Սուրբ Հոգին տուած է եկեղեցիին, «որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը եկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարապետականները: Ամէն լեզու լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11):