Տէրը ողջ է եւ ներկայ է մեր կեանքերուն մէջ: Ան մի՛շտ առիթը կը փնտռէ իր բարիքները զինք սիրողներուն կեանքին մէջ հոսեցնելու համար:
Գալիֆորնիօ մէջ կազմակերպուած բժշկութեան ծառայութիւններուն ընթացքին, Տէրը իր խօսքին զօրութեամբ թափանցեց մարդոց սրտերուն մէջ եւ ներկաները իրենց հաւատքով եւ ակնկալութեամբ ստեղծեցին հրաշքի մթնոլորտ մը: Տէրը իր ժողովուրդին մէջ փառաւորուեցաւ բազմաթիւ բժշկութիւններով:
3 ծառայութիւները յաջորդաբար կատարուեցան Glendale Holy Trinity Armenian Foursquare Church, Armenian Lighthouse Church (Հայոց ՓարոսԵկեղեցի) եւ Lifeline International Ministries (Կեանքի Ուղի ՄԻջազգային Սպասաւորութիւն) եկեղեցիներուն մէջ: Ընդհամէնը 16 հոգիներ վկայեցին:
Տէրը բացաւ ի ծնէ չլսող՝ Քրիստինայի ականջը:
Ներկաներէն մէկը վկայեց թէ ինչպէս Տէրը նախորդ տարուան ծառայութեան ընթացքին զինք մոլութենէ ազատագրած էր:
Շատ ուրիշ բժշկութիւններ եղան գլուխի, ականջի, ոտքի, սրտի, կզակի եւ մարմինիի զանազան բաժիններու վրայ:
Տէրը բժշկեց տարբեր վայրերումէջ, տարբեր մարդիկ եւ տարբեր ցաւեր. Տէրը բժշկեց մարդիկ, որոնք երկար տարիներէ կը տառապէին: Չկա՛յ ցաւ, չկա՛յ հիւանդութիւն եւ չկա՛յ պայման որ կրնայ Տիրոջ փափաքին եւ զօրութեան առջեւ կենալ, երբ իր առջեւ կը կենանք հաատքով եւ ակնկալութեամբ: Անոր թագաւորութիւնը յաղթո՛ղ է եւ մենք այդ թագաւորութեան վկաներն ենք, որպէսզի ամբողջ աշխարհ գիտնայ Անոր մեծութեան մասին: