Հոկտեմբեր 12-ին մենք տօնեցինք մեր բացառիկ հովիւները՝ հովիւ Գէորգը, հովիւ Տիգրանուհին, հովիւ Վիգէնը, հովիւ Վահէն, հովիւ Ռաֆֆին եւ հովիւ Թալինը, որոնք կ'առաջնորդեն, կ'աղօթեն եւ կը ներշնչեն մեզ այնպիսի ձեւերով, որոնք մենք յաճախ չենք տեսներ։ Մենք նաեւ մեր սէրը կը ղրկենք արտասահմանի մեր հովիւներուն՝ հովիւ Թորգոմին, հովիւ Սեպուհին, հովիւ Մարիային, հովիւ Դաւիթին եւ հովիւ Արային. Շնորհակալութիւն՝ Աստուծոյ ժողովուրդին մօտէն եւ հեռուէն հովուելնուդ համար։
ԱւելինԻնչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի մէջ պիտի ունենանք մեր տարեկան համագումարը, որուն խորագիրն է՝ «Մեղմ ու Բարակ Ձայնը»:
ԱւելինՀինգշաբթի, Մայիս 29-էն մինչեւ Շաբաթ, Յունիս 7, ամէն օր երեկոյեան ժամը 7:00-ին մենք պիտի հաւաքուինք (Կիրակի օրուան պաշտամունքը՝ առաւօտեան ժամը 11:30-ին), որպէսզի բարձրացնենք մեր սիրտերը աղօթքով, խորհինք Խօսքին մասին եւ միասնաբար խնդրենք Սուրբ Հոգիին էջքը միաբանութեամբ, ինչպէս որ աշակերտները ըրին Պենտէկոստէի օրէն առաջ:
ԱւելինԱյս տարուան մեր փիքնիքը տեղի պիտի ունենայ Տըլէյպէյի منتزه عين الزاهر-ին մէջ, Մայիս 1-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ :
ԱւելինՄիացէ՛ք մեզի Զոյգերու երեկոյին Ուրբաթ, Ապրիլ 4, երեկոյեան ժամը 8:00-ին։
ԱւելինՔոյրե՛ր, միացէ՛ք մեզի Շաբաթ, Մարտ 8-ին Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մէջ՝ յատուկ Քոյրերու Նախաճաշի համար։
ԱւելինՍիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Միացէք մեզի Երկուշաբթի, Յունուար 6, առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ միասնաբար տօնելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին Ծնունդը:
ԱւելինՈւրախութեամբ կը տեղեկացնենք ձեզ, որ Սուրբ Ծննդեան Տօնը պիտի տօնենք Չորեքշաբթի՝ Դեկտեմբեր 25-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին։ Տօնակատարութիւնը պիտի ըլլայ Արաբերէնով։
ԱւելինՄիացէ՛ք մեզի Զոյգերու երեկոյին Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, երեկոյեան ժամը 7:30-ին:
Աւելին