Միրէյ ծանր մէջքի ցաւէ կը տառապէր մի քանի շաբաթէ ի վեր։ Դեղերը միայն կարճ ատենուայ մը համար ցաւը կը թեթեւցնէին,   իսկ Ֆիզիոթերափին ալ բնաւ լուծում չէր։

Բայց հեռաձայնով կատարուած  կարճ աղօթքի մը պահուն, Տէրը նոյն վայրկեանին դպաւ անոր։ Ցաւը բոլորովին անհետացաւ եւ ալ չվերադարձաւ։

Այս վկայութիւնը մեզի  կը յիշեցնէ՝ թէ Աստուած տակաւին կը բժշկէ, կը խօսի եւ կը գործէ։  Յիսուս Քրիստոս նոյնն է՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։

Նախորդ Հրապարակում «Աստուած Բժշկեց Սիրտս». Պիաթրիսին Վկայութիւնը