Ուրախ ենք յայտարարելու մեր սեփական Եկեղեցւոյ բջիջային էփլիքէյշընին՝ կիրառական ծրագիրին արձակումը, որ այժմ հասանելի է App Store-ին վրայ՝ ներբեռնման համար: 📱✨

Այս էփլիքէյշընը մեր եկեղեցին դիւրութեամբ հասանելի կը դարձնէ ձեզի՝ առաջարկելով անմիջական մուտք դեպի քարոզները, ձեռնարկները, վկայութիւնները եւայլն:

Սկսիլը Դիւրին է.

  1. Սեղմեցէք ստորեւ նշուած յղումը ⬇️ կամ գործածեցէ՛ք QR քոտը։
  2. Ձրիօրէն ներբեռնեցէք էփլիքէյշընը
  3. Ընտրեցէք ձեր նախընտրած լեզուն

    https://apps.apple.com/lb/app/sol-church/id987803620

🔹 Ի՞նչ կրնաք ընել էփլիքէյշընին հետ.

  • Մուտք գործել եկեղեցւոյ ամբողջ բովանդակութենէն ներս, ներառեալ մեր եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ի վեր տրուած քարոզներն ու վկայութիւնները
  • Տեղեակ ըլլալ եկեղեցւոյ վերջին ձեռնարկներէն եւ ծրագիրներէն
  • 24/7 վայելել երկրպագութեան ռատիոն 5 լեզուներով
  • Մտիկ ընել տարիներու ընթացքին երգուած ձեր բոլոր սիրած երկրպագութեան երգերը

Նախորդ Հրապարակում Մենք Sportify-ի վրայ ենք
Յաջորդ Հրապարակում Վերադարձ դէպի 2008. «Գոհութիւն» ալպոմը այժմ երաժշտական ​​հարթակներու վրայ։