«Սուրբ Ծնունդի Կատարեալ Նուէրը» խոնարհ նուէր մըն է Աբրահամեան ընտանիքին կողմէ բոլորիդ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան որպէս տօնակատարութիւն: Գրուած Ռիթա Աբրահամեանին կողմէ եւ նկարազարդուած անոր փոքրիկ աղջիկներուն՝ Հեյլիին եւ Արենիին կողմէ, պատմուածքը կը խօսի Սուրբ Ծնունդին իսկական իմաստին մասին՝ նպատակ ունենալով ուրախութիւն եւ օրհնութիւն բերել իւրաքանչիւր կեանքի մէջ:

Սեղմեցէք այս յղումը, որպէսզի անմիջապէս ներբեռնէք պատմութիւնը եւ զայն պահէք ձեր ֆայլերուն մէջ ThePerfectPresent4Christmas_story.

Այս փոքրիկ պատմուածքը նաեւ նուիրուած է մեր նոր եկեղեցիին կառուցման համար միջոցներ հայթայթելու նպատակին։ Եթէ կը փափաքիք աւելին իմանալ այս ծրագիրին մասին կամ կ'ուզէք ֆինանսապէս աջակցիլ անոր, հետեւեցէք այս յղումին՝ https://solchurch.com/en/construction.

Նախորդ Հրապարակում Մեր նոր երաժշտական հաւաքածոն արդէն իսկ հրապարակուեցաւ
Յաջորդ Հրապարակում Աւագ Շաբաթ