Այս ներշնչիչ համագումարը Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ վայելելէ ետք, մենք օրհնութիւնը ունեցանք «Խօսքը» համագումարին այս փոխակերպող փորձառութիւնը բերելու Պոսթոնի եւ Մոնթրէալի մեր սիրելի եկեղեցիներուն: Մեր եկեղեցւոյ ընտանիքները Քալիֆորնիայէն եւ Թորոնթոյէն մեզի միացան եւ այս ճամբորդութիւնը աւելի եւս իւրայատուկ դարձուցին:
Աստուծոյ օծութիւնը շօշափելի էր ամբողջ համագումարին ընթացքին: Մենք աճեցանք հաւատքով եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը աւելի եւս խորացաւ: Պահերը խորապէս կեդրոնացած էին ի՛նչպէս Աստուծոյ Խօսքը ստանալու եւ անով լեցուելու վրայ, առաջնորդելով մեզ Անոր ուսուցումներուն հնազանդութեամբ ապրելու ճամբուն մէջ:
Շատ ուրախ ենք բաժնեկցելու, թէ չորս անձեր ջուրի մկրտութեան միջոցով հզօր քայլ մը առին իրենց հաւատքի ճամբորդութեան մէջ, երբ հանրութեան առջեւ վկայեցին Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը: