Մինչ կը մօտենանք Պենտէկոստէի Կիրակիին, Մայիս 28-ին, մեր եկեղեցին տասը օրեր պիտի նուիրէ աղօթքի եւ պաշտամունքի՝ առ ի պատրաստութիւն այդ յատուկ օրուան:
Մայիս 18-էն մինչեւ Մայիս 27, ամէն իրիկուն ժամը 7:00-ին (Կիրակի՝ առաւօտեան ժամը 11:15-ին) մենք պիտի հաւաքունինք ՝ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը եւ էջքը փնտռելու համար, ինչպէս Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները ըրին Պենտէկոստէէն առաջ: