Պոսթոնի Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցին ունեցաւ իր երկրորդ տարեկան համագումարը Օգոստոս 19-21, 2019-ին, Ռատիսըն Հոթել, Նաշուա, Նիւ Համփշայրի մէջ:
Շատ լիացնող ձեռնարկ մըն էր, որուն ընթացքին ներկաները սորվեցան Աստուծոյ ներկայութեան մասին եւ ունեցան Աստուծոյ ներկայութեան փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ սորվեցան յաղթական կեանք մը ապրելու մասին:
Մասնակցողները հիանալի ընկերութեան պահեր անցուցին միասին: Ունեցանք երկու նոր մկրտուղներ:
Անհամբեր կը սպասենք գալ տարուան համագումարին: