Երկուշաբթի, 9 Յուլիսին, Կեանք Աղբիւր Եկեղեցւոյ խումբը՝ տեղական եկեղեցիներուն հետ միասին աւետարանչութիւն կատարեց Պճնիի եւ Չարինցաւանի մէջ, ուր Աստուած բազմաթիւ մարդոց սիրտերուն դպաւ եւ ոմանք ապաշխարհեցին:
Երեքշաբթի, 10 Յուլիսին, խումբը, մարդոց փրկութեան համար իր ունեցած մեծ եռանդով եւ խանդավառութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Աբովեան, եւ տեղական եկեղեցիներուն հետ միասին երկու կամ երեք հոգիներէ բաղկացած խումբերով տարածուեցաւ Աբովեանի զանազան թաղամասերուն մէջ, Քրիստոսի Փրկութեան բարի լուրը տալով ժողովուրդին եւ ձեռք դնելով աղօթեցին:
Յուլիսի 11-ին, 12-ին եւ 13-ին, խումբը, տեղական եկեղեցիներուն հետ համագործակցաբար ծառայեց Գետամէջի եւ Աբովեանի շրջաններէն եկած 55 մանուկներու: Խումբը մանուկներուն ծառայեց Քրիստոսի սիրով, քաղցրութեամբ եւ հոգատարութեամբ, անոնց մէջ ցանելով Աստուծոյ անկեղծ եւ անշահախնդիր սէրը: