Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի Դպրոցի տարեկան Ներքին Բժշկութեան համագումարը տեղի ունեցաւ 3 եւ 4 Նոյեմբեր 2018-ին: 18 մասնակից աշակերտները լսեցին նիւթեր Հօր սիրոյ, Աստուծոյ վստահելու, կործանման դռներ փակելու, Խաչին եւ Սուրբ Հոգիին մասին: Անոնք հոգեւորապէս լուացուեցան, մաքրուեցան, զօրացան եւ լեցուեցան ուրախութեամբ եւ յոյսով: Անոնք ապրեցան անմոռանալի պահեր՝ լալու, խնդուքի, պարելու եւ Աստուծոյ Հոգիին ներկայութեան: