Ծառայութիւնները կատարուեցան Արարատ, Բէթէլ, Սիլա Վէրի, Էմանուէլ եւ Նոյան Տապան եկեղեցիներուն մէջ:
Տէրը շատերը բժշկեց իր ժողովուրդը զանազան ցաւերէ եւ հիւանդութիւններէ եւ ցոյց տուաւ թէ ինք ինչքան բծախնդիր ու փափաքով է իր զաւակներուն պէտքերը գոհացնելու մէջ:
Մի քանի հոգիներ ուռեցք ունէին մարմինին տարբեր բաժիններու վրայ, Լուսինէն՝ իր կոկորդին վրայ 26 տարիէ ի վեր, Մարօն իր մատին վրայ, իսկ ուրիշ քոյր մը իր կզակին վրայ: Տէրը գիտութեան խօսքով յայտնեց այդ ուռեցքներուն մասին ու անհետացուց ատոնք:
Զօյա սինըսի հարցէ կը տառապէր, ինչպէս նաեւ Նուպով՝ տասը տարիէ ի վեր, բայց Տէրը բժշկեց զիրենք:
Տէրը նաեւ քրոջ մը ծռած մատը շտկեց:
Կատարուեցանշատ ուրիշ բժշկութիւններ ոտքի, գլուխի, վիզի, թեւի եւ մարմինի ուրիշ բաժիններու վրայ:
Երբ կոյր ծնած մէկու մը համար Յիսուսի հարց տուին թէ մեղքը որո՞ւն էր որ այդ տղան այդպէս ծնած էր, Յիսուս ըսաւ թէ ո՛չ մէկուն մեղքն էր, այլ ատիկա պատահած էր որպէսզի Աստուծոյ գործը երեւի իր մէջ: Եւ Յիսուս իր թուքով կաւ շինեց ու անոր աչքերուն վրայ դնելով՝ բժշկեց զինք:
Տիրոջ ճամբաները եւ ձեւերը զարմանալի են մեզի համար ու շատ անգամ անհասկնալի: Սակայն մէկ բան շատ յստակ է մեր առջեւ, որ Ան յարատեւ կը գործէ իր ժողովուրդը բարձրացնելու համար՝ օրհնելով, բժշկելով եւ ազատագրելով: Մենք գիտե՛նք ու կը վկայենք որ Ան կարող է , ողջ է եւ տակաւին կը գործէ: