Ինչպէս գիտէք, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ կողմէ ուղարկուած ծառայութեան խումբ մը ներկայիս կ'այցելէ Պէքայի հովիտը ամսական դրութեամբ: Անոնք իրենց սիրտերուն մէջ կը տանին իրենց հաւատքը, յոյսը եւ սէրը՝ զանոնք բաժնեկցելու համար այն Սուրիացիներուն հետ, որոնք եկած են ապաստանելու այդ շրջանին մէջ:
Շաբաթ, 31 Օգոստոսը խանդավառութեամբ ակնկալուած մէկ այլ այցելութեան օր մըն էր: Մօտաւորապէս 400 չափահասներ եկան օրուան տարբեր ժամերուն, անոնցմէ 200-ը մասնակցեցան պաշտամունքին, 60 ընտանիքներ ստացան ուտեստեղէն եւ հագուելիք: Մօտաւոր 70 ընտանիքներ բժշկական խնամք ստացան եւ մանուկներ մասնակցեցան խաղերու եւ գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ձեռք բերերող գործունէութիւններու:
Պաշտամունք եւ քարոզ
Երբ հասանք, ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութեամբ դիմաւորեց մեզ: Սուրիացի ապաստանեալները եւ տեղացի պէտէուիներ հաւաքուեցան՝ փառաբանութիւն եւ պաշտամունք կատարելու համար: Անոնք լսեցին Պատուելի Գէորգին պատգամը, որ քարոզեց Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրելու կարեւորութեան մասին, որուն միջոցաւ կրնան ստանալ իրենց կեանքին բոլոր պէտքերը:
Վկայութիւններ
Տիրոջ օծութիւնը ներկայ էր եւ շատեր իրենց վկայութիւնը տուին:
Սամահ վկայեց, թէ ինք ականջի ցաւ ունէր եւ Տէրը, գիտութեան խօսքով, զինք բժշկեց Պատուէլիին միջոցաւ:
Նոյնպէս Ժամիլէն իր ծունկին վրայ բժշկութիւն ստացաւ:
Նաեւ 13 տարեկան Ամալը վկայեց, թէ ինք ազատագրուած էր բարկութենէ, ընկճուածութենէ, եւ ինքզինք վիրաւորելէ, եւ թէ անցեալ ամիս Պատուելիին հետ աղօթելէն ի վեր ինքզինք բնաւ չէ վիրաւորած:
Շատեր իրենց կեանքը տուին Յիսուսի:
Տիկին մը, որ մինակութենէ կը տառապէր եւ թշուառ կեանք մը կ'ապրէր, պաշտամունքի ընթացքին Տէրը դպչեցաւ իրեն եւ ան իր կեանքը տուաւ Յիսուսին:
Բժշկական քննութիւններ եւ սննդեղէնի ծրարներ
Մօտաւորապէս 60 ընտանիքներ ստացան ուտեստեղէն եւ հագուստեղէն, եւ անոնցմէ աւելի մեծ թիւով մարդիկ բժշկական քննութեան ենթարկուեցան բժիշկ Հապիպ Հազքիյէլի եւ երկու կամաւոր հիւանդապահուհիներու կողմէ: Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը ստացաւ իրեն պէտք եղած դեղերը:
Մանուկներու ծառայութիւն
Մանուկները բաժնուեցան տարբեր խումբերու:
5-8 տարեկան տղոց եւ աղջիկներու խումբ՝ յայտագիրը սկսաւ փառաբանութեամբ եւ պաշտամունքով: Անոնք երգեցին քրիստոնէական երգեր, զորս նախապէս սորված էին եւ լսեցին Աստուածաշունչէն պատմութիւն մը «Կորսուած Ոչխարին Առակը»: Անոնք նաեւ մասնակցեցան շատ մը գործունէութիւններու ինչպէս՝ արուեստ եւ ձեռային աշխատանք կաւով ձեւաւորում, ներկել եւ հլուններով գործել:
9-12 տարեկան աղջիկներու խումբ՝ անոնց սորվեցուցինք անգլերէն եւ արաբերէն լեզու Աստուածաշնչական պարունակով:
Աղջիկները սերտեցին Յովսէփին պատմութիւնը, որուն ընդմէջէն սորվեցան Աստուծոյ հետ քալելու եւ ուրիշներուն ներելու մասին:
9-12 տարեկան տղոց խումբ՝ շատ լաւ ժամանակ անցուցին բացօթեայ խաղեր խաղալով, ետքը դիտեցին ֆիլմ մը Յիսուսի կատարած հրաշքներուն մասին եւ զանի քննարկեցին:
Վերջապէս մենք գիտենք, թէ ինչ որ կը ցանենք այս ժողովուրդին կեանքին մէջ փառք պիտի բերէ Աստուծոյ թագաւորութեան: «Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատուն եւ անշարժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէք Տէրոջը գործին մէջ,գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով» (Ա.Կր 15.58):
Սկիզբէն մեր նպատակը այս մարդոց վստահութիւնը շահիլ եւ իրենց հետ բարեկամութիւն մշակել էր, որպէսզի իրենց պէտքերը մօտէն ճանչնանք եւ իրենց ցոյց տանք Աստուծոյ սէրը, որ շատ աւելի կարեւոր է քան որեւէ գործ, որ մենք կ'ընենք:Մենք երախտապարտ ենք Տիրոջ, որ ամէն ամիս քայլ մը աւելի յառաջ կ'երթանք դէպի մեր նպատակակէտը: