19 եւ 20 Յունուար 2013-ին հովիւ Գէորգը ծառայեց Ալմէլոյի Good Seed Pentecostal Church եկեղեցիին մէջ: Ծառայութիւններուն ժամանակ, Տէրը գեղեցիկ ձեւով ցոյց տուաւ թէ ինչպէս ան գիտութեան խօսքով կը յայտնէ եւ նաեւ կը բժշկէ:
Լուսինէ իր ձախ ծունկին վրայ ցաւ ունէր, դարախային բորբոքումի հետեւանք: Ան կը վկայէ թէ Տէրը բժշկեց զինք:
Արմէն մի քանի օրէ ստամոքսի ցաւէ կը տառապէր բայց Տէրը անցուց իր ցաւը:
Տէրը յայտնեց ծառայողներէն մէկուն ծոծրակի ցաւին մասին եւ բժշկեց զինք:
3 հոգի կրնակի վրայ բժշկութիւն ստացաւ՝
- Նարինէն
- Էտոն, որ 5 ամիսէ ի վեր ցաւ ունէր եւ ատիկա իրեն շնչառութեան դժուարութիւն կը պատճառէր,
- Եւ Շանթը՝ որ մէկ տարի ի վեր կը ցաւէր
Լուիզա 5 տարիէ ի վեր ցաւ ունէր իր ձեռքին եւ արմուկին վրայ, բայց այսօր ան ցաւ չունի:
Անուշիկ երկար ժամանակէ ի վեր աղիքի հարց ունէր: Ան կը վկայէ թէ ինչպէս ծառայութեան ժամանակ, տաքութիւն զգաց մարմինին վրայ եւ իր ցաւը անցաւ:
Տէրը մարմինի զանազան բաժիններու վրայ նաեւ ուրիշ բժշկութիւններ ալ կատարեց՝
- Անուշ աչքի եւ գլուխի բաժինին վրայ ցաւ ունէր: Գիտութեան խօսքով բժշկութիւն յայտարաուելէն ետք, Անուշ տաքութիւն զգացած է եւ հիմա ցաւը անգած է:
- Նուշիկ ցաւ ունէր իր բթամատի ոսկորին վրայ եւ Տէրը բժշկեց զինք:
- Ներկաներէն մէկը թեւի վրայ բժշկութիւն ստացաւ:
- Հայկ 5 տարիէ ի վեր ցաւ ունէր իր աջ ծունկին վրայ, բայց իր ցաւը անցաւ գիտութեան խօսքը հռչակուելէն անմիջապէս ետք:
- Արայիկ եւս կզակին վրայ բժշկութիւն ստացաւ:
- Նարա Կրծավանդակին վրայ զօրաւոր ցաւ ունէր եւ ծանրութիւն բայց ան բժշկութիւն ստացաւ:
Երեմիայ մարգարէութեան մէջ Տէրը իր ժողովուրդին կ'ըսէ՝«Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ» (Եր 30.17): Մենք այսօր Աստուծոյ այս խոստումն է որուն մասին կը վկայենք եւ մարմնացած մեր կեանքերէն ներս կը տեսնենք, շնորհիւ մեր Տիրոջ, որ մեզ սիրեց եւ իր կեանքը տուաւ մեզի համար: