Այս տարի մեր ծառայութիւնը Պոսթոնի մէջ շատ մը միջցառումներ (ձեռնարկներ) ներառեց:

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս մենք տարեկան համագումար մը կազմակերպեցինք, ուր ներկաները Վեր. Գէորգ Չափարեանին եւ Վեր. Ռաֆայէլ Նաժըմին ուսուցանած տարբեր նիւթերուն միջոցաւ սորվեցան եւ փորձառութիւնը ունեցան Աստուծոյ ներկայութեան եւ ի՛նչպէս յաղթական կեանք մը ապրելու մասին: Ռաֆայէլ Նաժըմը Հիմնադիրը եւ Երէց Հովիւն է «Քոմյունիթի Քրիսչըն Ֆելոշիփ Չըրչ»-ին, Պոսթոն: Ներկաները, որոնք եկած էին Պոսթոնէն եւ Մոնթրէալէն, Քանատա, հիանալի ընկերային պահեր անցուցին միասին: Նաեւ մեզի մեծ ուրախութիւն պատճառեց 3 հոգիներու մկրտութիւնը, որոնք Յիսուսը Տէր դաւանեցան եւ իրենց կեանքերը Անոր նուիրեցին:

Վեր. Գէորգը զանազան տեսակի ծառայութիւններ կատարեց Լոուէլի «Քոմյունիթի Քրիսչըն Ֆելոշիփ Չըրչ»-ին եւ Պելմոնթի «Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի Պոսթոն»-ին մէջ:

Պոսթոնի Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցիին հետ կապուելու համար
+1 781-330-3621
solchurchboston@gmail.com
www.solchurchboston.com

Նախորդ Հրապարակում Բժշկութեան Ծառայութիւն Աբովեանի Աւետարանական Հաւատքի Եկեղեցւոյ մէջ - Առաքելութիւն Հայաստանի մէջ 2018
Յաջորդ Հրապարակում Բժշկութեան Ծառայութիւն Աբովեանի Մէջ