Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, 13 աշակերտներ աւարտեցին Կեանք Աղբիւր Եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի Դպրոցը՝ յաջողութեամբ անցնելէ ետք անոր Անխարդախ Կաթի եւ Տիմոթէոսի հանգրուաններէն:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ դիտեցինք վիտէօ մը մեր աշակերտուհիներէն մէկուն մասին, որ իր տան մէջ բջիջ խումբ մը սկսած էր՝ իր ընկերուհիներուն փոխանցնելով մեր դպրոցին մէջ իր սորված աստուածաշնչական գիտելիքները եւ ապրած փորձառութիւնները: Ապա ունկնդրեցինք երգ մը, զոր ուրիշ աշակերտ մը Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած էր գրելու: Մարգարէական պարի խումբի մեր պարուհիներէն երկուքը գեղեցիկ պարով մը ընկերակցեցան երգին՝ ստեղծելով պաշտամունքի մթնոլորտ մը Սուրբ Հոգիին ներկայութեամբ:
Բոլորս մեծապէս օրհնուեցանք: