Փառաբանութիւն, Ընկերութիւն, Ուրախութիւն եւ Ուտելիք։ Ասոնք էին բաղադրիչ տարրերը Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցիին 2022-ի տարեկան փիքնիքին։
Փոքրերը կը խաղային, խոհարարները ճաշը կը խորովէին, իսկ երկրպագութեան խումբը կը փառաբանէր։ Արդէն իսկ անհամբեր ենք եկող տարուան փիքնիքին համար։ Հոն կը տեսնուի՛նք։