Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կեանքի Աղբիւր եկեղեցւոյ փառաբանութեան եւ պաշտամունքի խումբը ելոյթ պիտի ունենայ պաշտամունքի համերգով մը, որուն մաս պիտի կազմէ Հայաստանի Մեծամորի եկեղեցւոյ Հովիւ Արտավազդ Մուրադյանը:
Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ, ձեր սիրելիներն ու բարեկամները ներկայ գտնուելու այս համերգին, որպէսզի միասնաբար պաշտենք Տէրը: