Վերջին հինգ օրերուն, մեր եկեղեցին մեծապէս օրհնուեցաւ Վիժըն Ինթըրնաշընըլ Համալսարանի հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Տոքթ. Սթան Տիքովընի ծառայութեամբ:

7 պահերու ընթացքին, Տոքթ. Սթան Տիքովըն փոխանցեց «Եկեղեցւոյ Աճն ու Զարգացումը» խորագիրով դասընթացքը: Ան շեշտեց եկեղեցիին կարեւորութեան ու զօրութեան վրայ ու քաջալերեց հաւատացեալները որպէսզի գտնեն իրենց տեղը անոր մէջ, Աստուածատուր իրենց կոչումին համաձայն, Եկեղեցիին աճման համար:

Դեկտեմբեր 1-ին, Տոքթ. Սթան Տիքովըն նաեւ պատուոյ հիւրն էր վկայականաց բաշխման արարողութեան, որու ընթացքին 27 աշակերտներ ստացան Վ.Ի.Լ-ի (Վիժըն Ինթըրնաշընըլ - Լիբանան) «Մինիսթրյըլ Տիբլոմա»-ներ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ այս առիթին եւ օրհնութեան համար:

Յաջորդ Հրապարակում BC/AD 2017 - Բժշկութեան Ծառայութիւն