24 Սեպտեմբեր 2017-ին Հովիւ Գէորգ Չափարեան եւ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ ծառայողները իրենց մասնակցութիւնը բերին BC/AD ձեռնարկի բժշկութեան ծառայութեան: Հովիւ Գէորգ խօսեցաւ Յիսուսի Արեան մասին ազդեցիկ նիւթ մը: Հազարաւոր մարդիկ՝ քիւրտեր, սուրիացիներ, իրաքցիներ, հայեր եւ լիբանանցիներ ներկայ էին ձեռնարկին: Անոնցմէ շատերը Յիսուսը ընդունեցին իբրեւ իրենց Տէրն ու Փրկիչը ինչպէս նաեւ շատեր ստացան բժշկութիւն: