Կիրակի, 17 Յունիսին, մենք ունեցանք հայրերը պատուելու յատկացուած պահ մը:
Հովիւը նշեց, թէ ընտանիքը Աստուծոյ համար յատուկ հաստատութիւն մըն է, եւ անիկա հիմը եղաւ շատ ուրիշ հիմնական հաստատութիւններու, որոնք հետզհետէ յառաջ եկան երկրի վրայ: Հայր Աստուած ինք ստեղծեց մարդը Իր պատկերին նմանութեամբ, որմէ ետք նաեւ մարդուն կողէն ըրաւ կինը:
Երբ տան գլուխը՝ հայրը, եւ անոր օգնականը՝ կինը, հաւասարութեամբ եւ համերաշխութեամբ կըգործակցին, յաջորդ սերունդները առողջ եւ նպատակաուղղուած կերպով կը կազմուին եւ աշխարհը կը լեցուի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող ընտանիքներով, որոնք կարողութիւնը ունին ազգեր եւ սերունդներ վերականգնելու:
Օրուան խօսքէն ետք, եկեղեցիին փոքրերը՝ իրենց երեք տարիքային խումբերով, գեղեցիկ խօսքերով եւ երգերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց հայրերուն: