Ինչքա՜ն հիանալի է քալել եւ քայլարշաւել Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած եւ մարդոց կողմէ պահպանուած բնութեան մէջ:
Պատանիները հիանալի Շաբաթ օր մը անցուցին քայլարշաւելով Պընթաէլի վայրի բնութեան պահպանուած տարածքին մէջ, ուր անոնք հաճոյքով իրարու ետեւէն քալեցին նեղ արահետներու մէջէն եւ իրենց օրը աւարտեցին տեղական փուռի մը մէջ համեղ, սաժ-ի վրայ եփուած ուտելիքներ ուտելով: