Մարտ 13-ին մենք տիկնանց հանդիպում մը ունեցանք նախաճաշի շուրջ, եւ ատիկա մեծ զօրութիւն ներշնչեց:
Փոլինը, ներշնչուելով Աբիգիայի պատմութենէն, պատմեց, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ բաւարար է դժուարութիւնները յաղթահարելու (Յաղթող Կանայք): Յետոյ Տալիտան բաժնեկցեցաւ իր հզօր վկայութիւնը՝ պատմելով, թէ ի՛նչպես զինք մեռած համարած էին, բայց ինք վերակենդանացաւ (Տալիտային Կեանքի Վկայութիւնը. Կեանքը Կարճ է ):
Մենք մտածեցինք կեանքին կարճութեան եւ մեր կեանքին նպատակին մասին: Միասին ճաշեցինք, Յիսուսը պաշտեցինք եւ միասնաբար աղօթեցինք: