Սէրը տօնելու համար, կազմակերպեցինք սիրոյ երեկոյ մը մեր եկեղեցիին զոյգերուն եւ բարեկամներուն համար: Մեր սիրոյ երեկոն սկսաւ ջութակի գեղեցիկ երաժշտութեամբ, որմէ ետք ունեցանք օփերայի գեղեցիկ կատարում մը, մեր սիրելի Անիիին կողմէ։ Ապա, մեր զոյգերը ճաշակեցին համեղ ընթրիք մը եւ լսեցին պատուելի Գէորգի բաժնեկցումը առողջ ամուսնութիւն մը պահելու մասին։ Հովիւը տուաւ 13 կէտեր, զորս պէտք է ամէն զոյգ կիրարէ առողջ եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալու համար։ Երեկոն աւարտեցաւ աշխոյժ խաղերով, որոնց բոլորին զուարճացուցին եւ ուրախացուցին։