Օգոստոս 4-էն 10 Օգոստոս 2012-ին, եկեղեցւոյ հովիւը ծառայութեամբ ճամբորդեց Հայաստան:

Ծառայութեան ընթացքին,  Տէրը խօսեցաւ յաղթութեան եւ բժշկութեան համար եւ իր ծառային միջոցաւ մղեց ներկաները, որպէսզի գործածեն Յիսուսէն ստացած իրենց իշխանութիւնը, տիրելու համար բոլոր դժուարութիւններուն վրայ:

Տէրը գիտութեան խօսքով բժշկութիւններ յայտնեց եւ բժշկեց մեծ թիւով ներկաներ, որոնք վկայեցին:

Արեքնազ եւ Համլէթ բժշկուեցան կոկորդի ցաւէ:

Կարինէ բժշկութիւն ստացաւ իր ձայնալարերուն վրայ: Տէրը գիտութեան խօսքով յայտնած էր կոկորդի վրայ արձակումի մասին եւ Կարինէ վկայեց թէ ինչպէս զգացած էր ցաւին արձակուիլը եւ դուրս գալը:

Էլա վկայեց ականջի բժշկութեան համար:

Նարինէ բժշկութիւն ստացաւ կկուին (փէօչի) վրայ:

Աննա մօտ երկու տարիէ ի վեր կոնքի ցաւ ունէր, բայց Տէրը բժշկեց զինք:

Սթէօփ եւս վկայեց կոնքի ոսկորի բժշկութեան համար, որ ստացած էր հովիւին դէպի Հայաստան կատարած նախորդ ճամբորդութեան ծառայութիւններուն ընթացքին:

Էւքինէ ստացաւ ոտքի բժշկութիւն:

Եարան՝ իրանցի կին մը, կը վկայէ թէ Յիսուս զինք բժշկեց իր թեւի ցաւէն, որ մինչեւ իր ոտքերը կը հասնէր:

Լիտա բժշկուեցաւ ուսի ցաւէ:

Էլիանորա ստացաւ բժշկութիւն իր աջ կոնքին վրայ:

3 հոգի ստացաւ մէջքի բժշկութիւն՝  Ժուլիէթան, լիլիթը եւ ռուզանան:

Մեր Տէրը ողջ է եւ Ան այսօր կը գործէ այն շնորքներուն միջոցաւ, զորս Սուրբ Հոգին տուած է եկեղեցիին, «որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը եկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարապետականները: Ամէն լեզու լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11):

Նախորդ Հրապարակում 7 Լեռներու Ռազմավարութիւնը - Պահ 1
Յաջորդ Հրապարակում Ծառայութիւն Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Մէջ