Յհ 14.12-ին մէջ, Յիսուս ըսաւ «Լա՛ւ գիտցէ՛ք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ կ'ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ'երթամ» (ՆԹ):
Յիսուսի այս խօսքերուն հաւատալով է որ մենք կը ծառայենք իրեն, անկալելով որ Ան մեր միջոցաւ ընէ նո՛յն հրաշքները որ ինք 2000 տարի առաջ ըրաւ եւ նոյնիսկ աւելին, որպէսզի Ինք փառաւորուի ամէն տեղ եւ ամէն մարդու առջեւ:
10-էն 17 Մայիս 2012-ին, եկեղեցւոյ հովիւը ծառայութեամբ ճամբորդեց Բաքիստան, Լահոր եւ Խանիուալ քաղաքները, ուր ան կատարեց բազմաթիւ բժշկութեան ծառայութիւններ:
Բժշկութիւններ
Մի քանի օրուան վրայ եւ մի քանի ծառայութիւններու ընթացքին, Տէրը գեղեցիկ ձեւով աշխատեցաւ փափաքով եւ ակնկալութեամբ եկած ժողովուրդին մէջ: Ան իր ծառային բեռնով յայտնեց բազմաթիւ բժշկութիւններ մարմինի զանազան բաժիններու վրայ եւ բժշկուողները վկայեցին:
Տէրը գիտութեան խօսքով յայտնեց ականջի մը յանկարծակի բացուելուն մասին եւ անմիջապէս, կին մը վկայեց թէ ինքն էր բժշկուողը: Այս կնոջ ականջին լսողութիւնը շատ տկար էր ծնունդէն ի վեր, բայց երեք տարիէ ի վեր նաեւ ան զօրաւոր ցաւ ունէր նոյն ականջին մէջ: Ան կը վկայէ, որ Տէրը զինք ամբողջութեամբ բժշկեց՝ ականջը բացուեցաւ եւ ինք հիմա շատ լաւ կը լսէ:
Տէրը նաեւ բժշկեց ուրիշ երեք անձերու ականջը: Անոնցմէ մէկը, գիտութեան խօսքով ականջի բժշկութիւն յայտարարուելէն ետք, վկայեց թէ մի քանի տարիէ ի վեր անոր ձախ ականջը չէր լսեր եւ թէ հիմա այլեւս կը լսէ:
3 հոգի նաեւ բժշկուեցաւ կռնակի ցաւէ: Լահորի մէջ վիզի բժշկութիւն ստացաւ երկու հոգի, իսկ Խանուալի մէջ ալ մէկ հոգի: 3 հոգի՝ վիզի ցաւէ:
2 հոգի վկայեց ոտքի բժշկութեան համար, իսկ ուրիշ մէկը եւս ծունկի ոսկորի բժշկութեան համար: Անդամալոյծ կին մը կար, որ քալել չէր կրնար: Աստուած գիտութեան խօսքով յայտնեց թէ կը բժշկէր մէկը որ շնորհքով քալել չէր կրնար եւ այս կինը, Տիրոջ հպումէն ետք, քալելու սկսաւ:
Մարդիկ վկայեցին ծնօտի, կոկորդի, կուրծքի ցաւի, կողի ոսկորի բժշկութեան համար:
Տէրը երկու հոգի բժշկեց ստամոքսի զօրաւոր ցաւէ: Ուզմայի ստամոքսը սաստիկ կը ցաւէր եւ ան շաբաթէ մը ի վեր ուտել չէր կրնար ու բնաւ անօթի չէր զգար, բայց Տէրը դպաւ զինք՝ ցաւը ամբողջութեամբ գնաց եւ ան վկայեց, թէ նորէն անօթի կը զգար:
3 հոգի թեւի վրայ բժշկութիւն ստացաւ: Այս մարդը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր ուռեցքներ ունէր իր թեւին վրայ, բայց բժշկութիւն ստանալէն ետք անոր մորթը սահուն դարձաւ: Նաեւ Տիրոջ հպումէն ետք, ներկաներէն մէկուն դաստակին վրայի ուռը անհետացաւ:
Ծառայութեան մը ընթացքին, հովիւը դարձաւ դէպի ծառայողները, որոնք բեմին վրայ նստած էին եւ յայտնեց որ անոնցմէ մէկը կը բժշկուէր ուսի ցաւէ: Ռուբինան, որ փառաբանութեան խումբին երգողներէն մէկն էր ելաւ վկայելու թէ ի՛նքն էր բժշկուողը:
Տէրը նաեւ բշկեց ուսի մկանային պրկումէ եւ տաքութենէ, որ երկու շաբաթէ ի վեր կը տեւէր:
Մենք տեսանք ու լսեցինք Տիրոջ գործերուն մասին, սակայն չենք բաւարարուած այսքանով: Մենք աւելի՛ն կը հռչակենք, Տիրոջ փառքին համար: