Կիրակի, Հոկտեմբեր 1-ին, մեր եկեղեցին իսկապես իւրայատուկ ծառայութիւն մը ունեցաւ. մեր սիրելի եղբայր Արան հովիւ ձեռնադրուեցաւ։
Հովիւ Արային ճամբորդութիւնը Աստուծոյ հետ շատ արտասովոր էր: Ինք եւ իր ընտանիքը ականատես եղած են սքանչելիքներու եւ արտասովոր հրաշքներու: Անոր կեանքը Աստուծոյ ձայնին աներեր կերպով հնազանդելու կենդանի վկայութիւն մըն է՝ անկախ կեանքի պայմաններէն:
Մենք կ'օրհնենք զինք եւ իր ընտանիքը մինչ անոնք նոր էջ մը կը սկսին նոր երկիրի մը մէջ: Թող Աստուած հզօր կերպով գործածէ զիրենք իրենց կեանքին այս նոր եղանակին մէջ: