Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28-ին, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Մարդիկ եւ Մշակոյթը (HR) բաժանմունքի վարչութիւնը կազմակերպեց անմոռանալի հաւաք մը եկեղեցւոյ ծառայողներուն համար՝ կեդրոնանալով Եկեղեցւոյ 2030-ի Տեսիլքին կառուցման վրայ:
Հովիւ Գէորգը բաժնեկցեցաւ 2030-ի տեսիլքը՝ սկսելով եկեղեցւոյ սկզբնական կոչումէն մինչեւ ներկան եւ դէպի 2030 թուականը:
Մարդիկ եւ Մշակոյթը խմբակը առաջնորդեց ծառայողները գրաւիչ խմբային աշխատանքներով՝ ստեղծելու համար հաւաքական քարտէս մը՝ 2030 թուականին համար Աստուծոյ կողմէ տրուած տեսիլքը իրականացնելու համար:
Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մարդիկ եւ Մշակոյթը խմբակին՝ այսպիսի բովանդակալից և ներշնչիչ ձեռնարկ մը կազմակերպելուն համար: