Մարտ 8-ն հաւատքի և ընկերակցութեան օր էր, քանի որ 100 կիներ հաւաքուած էին Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մէջ՝ նշելու համար Կանանց Տօնը՝ ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան մթնոլորտով նախաճաշի մը ընթացքին: ☕🍞💖
Մինչ միասին կը խնդայինք եւ բովանդակալից զրոյցներ կ'ունենայինք, մենք կը պատրաստէինք մեր սիրտերը երկրպագութեան հզօր պահի մը համար: Յիսուսի բժշկարար զօրութեան մասին յուզիչ վկայութենէ մը մինչեւ Աննային խորունկ աղօթքներուն մասին քարոզը, մենք մեր սիրտերուն մէջ եղածները Աստուծոյ հետ բաժնեկցելու գեղեցկութիւնը վայելեցինք:
Եւ մինչ միասին կ'աղօթէինք, Աստուած շարժեցաւ մեր սիրտերուն մէջ: Փառք կու տանք Աստուծոյ Իր ներկայութեան համար: