Վիժըն Ինթըրնաշընըլ Համալսարանի (VIU) հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Սթան Տիքովընին հնգօրեայ խորաթափանց դասախօսութիւններէն ետք մենք աւարտեցինք մեր ձեռնարկը Կիրակի առաւօտեան պաշտամունքին ընթացքին, Մեծամորի Եկեղեցիին մէջ:
Մեծամորի եկեղեցիէն, Կեանքի Աղբիւր եկեղեցիէն եւ Էջմիածինի եկեղեցիէն 58 ներկաներ հպարտութեամբ ստացան Քրիստոնէական Ծառայութեան Վկայագիրներ:
Դասախօսութիւնները ընդգրկեցին պսակաւորի աստիճանին պատկանող զանազան դասընթացքներ:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք VIU-ի շրջանային կեդրոնի տնօրէն Հովիւ Գէորգ Չափարեանին՝ այս ձեռնարկին կազմակերպման համար, իսկ Հովիւ Արտաւազդ Մուրատեանին եւ Մեծամոր եկեղեցիին իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար: Նաեւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Դոկտ. Սթան Տիքովընին Հայաստան գալուն եւ բացառիկ ներկայացումներով հանդէս գալուն համար:
VIU-ի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելեցէք www.solchurch.com/school#vil կայքէջը կամ գրեցէք edu@solchurch.com հասցէին: