Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս, մենք յիշատակեցինք Ապրիլ 24-ը Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մէջ, ուր յիշեցինք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը հայ ժողովուրդին եւ պատմութեան հանդէպ:
Կարճ թատրերգութեան մը մէջ մենք տեսանք, թէ Աստուած ի՛նչպէս Սատանային մէկ չար գործը վերածեց Իրեն փառք բերող բանի մը:
Թատրերգութեան ընթացքին դիտեցինք վիտէօ մը, ուր տեսանք, թէ ի՛նչպէս Աստուած՝ երիտասարդ ռուս մարգարէի մը միջոցաւ նախազգուշացուց հայ ժողովուրդը գալիք ցեղասպանութենէն:
Ծառայութիւնը աւարտեցաւ պաշտամունքով եւ հայ ժողովուրդին համար բարեխօսական աղօթքով մը, որպէսզի մենք՝ իբրեւ ժողովուրդ, ճանչնանք (որդեգրենք) Իր տեսիլքը եւ անոր համաձայն ապրինք: