Աստուածաշունչին մէջ, Պենտէկոստէն Եկեղեցիին ծնունդն էր, երբ հաւատացեալները լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ աշխարհ գացին՝ ծառայութեան համար: Պենտէկոստէի տօնը միշտ առիթ է հաւատացեալներուն համար անդրադառնալու, թէ Քրիստո՛ս է Եկեղեցիին սկիզբը եւ թէ առանց Սուրբ Հոգիի կրակին անկարելի է Անոր ծառայելը:
Նախքան Պենտէկոստէն, մեր եկեղեցին սկսաւ հաւաքուիլ աղօթքի համար տասը օրերու վրայ: Տէրը շատ զօրաւոր ձեւով ներկաներուն կեանքերուն մէջ աշխատեցաւ եւ պատրաստեց զանոնք, որպէսզի Պենտէկոստէի օրը ըլլար ո՛չ միայն Սուրբ Հոգիով վերանորոգուելու օր, այլ՝ ըլլար նաեւ օր մը, ուր ներկաները որոշում պիտի առնէին Տիրոջմով ապրելու եւ ամէն օր Անոր հետ աղօթքով հանդիպելու:
Կրնաք այստեղ հետեւիլ իւրաքանչիւր օրուան ծառայութեան՝
Սուրբ Հոգին Անձ Է (Յհ 14.1-26)
Սուրբ Հոգին Ստանալու Կարեւորութիւնը
Առաքելութեան Պատրաստուած Սիրտերը
Բազմատեսակ Պարգեւներու Տնտեսներ
Սուրբ Հոգին եւ Անոր Գործակցութիւնը Նոր Կտակարանին Մէջ