«Յաղթութիւնը թշնամիին դէմ է, եւ ո՛չ միայն մահուան դէմ:Յարութիւնը ոչ միայն Տիրոջ յաղթութիւնն է,այլ՝ յաղթութիւնն է բոլոր զինք ընդունողներուն»:
Յարութեան տօնը եւ Յարութեան տօնէն առաջ եկող Աւագ Շաբաթը ամէնէն կարեւոր շաբաթներէն է Քրիստոնեաներուն համար, որովհետեւ մենք կը տօնենք ու կը յիշենք մարդը վերականգնելու համար թշնամիին՝ Սատանային դէմ Յիսուսի տարած փառաւոր յաղթութիւնը:
Այս տարուան Աւագ Շաբթուան կեդրոնացումը Քրիստոսի յաղթութեան միջոցն էր խաւար աշխարհին դէմ: Հովիւը խօսեցաւ Իր տառապանքներուն ժամանակ Քրիստոսի կեցուածքին մասին: Ան ճզմուեցաւ որպէսզի իր կեանքէն մեզի համար օրհնութիւն ու յաղթութիւն ելլէ (Սիրոյ Երեկոյ):
Հովիւը նաեւ խօսեցաւ Քրիստոսի պատերազմի ձեւին մասին՝ հնազանդութեամբ եւ խոնարհութեամբ (Խաչելութիւն), եւ թէ ի՛նչպէս Քրիստոսի յաղթութիւնը մե՛ր յաղթութիւնն է եւս (Յարութեան Տօն):
Այս յաղթական շաբաթը առիթ էր անդրադառնալու, թէ կարեւոր է որ որպէս Քրիստոնեաներ՝ Քրիստոսի՛ նայինք: Անոր նայելով է որ իր օրինակը մեր վրայ կ'առնենք եւ մեր կեանքերուն մէջ կը վայելենք խաւար աշխարհին դէմ յաղթութիւն: