Տէր Յիսուսի տառապանքն ու չարչարանքները սկսան Գեթսեմանիի մէջ: Գեթսեմանի արամերէնով կը նշանակէ՝ «Ձիթահան»:
Այդ տեղին մէջ Հայրը հաճեցաւ ճզմել զԻնք, որպէսզի Իրմէ թարմ իւղ հոսի. թարմ իւղ՝ բոլոր հաւատացեալներուն համար:
Տէր Յիսուս խաւարի իշխանութիւններուն դէմ կը պատերազմէր (Ղկ 22.53):Փրկութեան աշխատանքը տանելու ատեն մեր Տէրը ներկայացուած է իբրեւ ախոյեան մը, որ յանձն կ'առնէ պատերազմի դաշտին մէջ կենալ, լաւապէս դիրքաւորուած (տե՛ս Ես 59.16-18) :
Յիսուս Ինքզինք յարմարցուց իր վիշտերուն՝ կրելու համար սահմանուածը:
Ի՞նչ է ձեւը ճնշումներու ժամանակ հոգեւոր պատերազմին մէջ մեր տեղը գտնելու եւ մեր անձերը յարմարցնելու, ինչպէս ըրաւ Յիսուս՝ յաղթութիւնը վայելելու համար: