Թշնամիին յաղթելու համար, Յիսուս չգործածեց ուժ եւ զօրութիւն: Ան Ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ (Փլպ 2.8, Եբր 5.7-9):
Յիսուս ցոյց տուաւ հոգեւոր պատերազմի ձեւը:
Ան յաղթեց աշխարհին (Յհ 16.33). աշխարհի ձեւին ու ապրելաձեւին:
Տէր Յիսուս Իրեն պատահածները տկարութիւն չհամարեց, որովհետեւ Իր յաղթութիւնը չորոշեց թշնամիին բերած դժուարութիւններուն համաձայն, այլ՝ կառչած մնաց Հօրմէն տրուած գործին ու խօսքին :
Մեր դժուարութիւնները չեն, որոնք կ'որոշեն մեր յաղթութիւնը, այլ՝ Աստուծո՛յ Խօսքը, որ կ'ըսէ թէ Խաչը մեր զօրութիւնն է (Ա.Կր 1.18):