Հիանալի շաբաթ մը անցուցինք որպէս եկեղեցի, վայելելով Տիրոջ սէրն ու Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը՝ Իր լեցունութեամբ, մխիթարութեամբ, բժշկութեամբ, խաղաղութեամբ եւ ողորմութեամբ:

Հովիւ Գեւորգը իր նիւթերուն մէջ կեդրոնացաւ Քրիստոսով մեր իսկական ինքնութեան վրայ, նաեւ որպէս Աստուծոյ որդիներ մեզի տրուած իշխանութեան վրայ, եւ վերջապէս այն ճշմարտութեան վրայ, թէ չկա՛յ անկարելի բան Աստուծոյ համար:

 Եկեղեցին զԱստուած պաշտեց մէկ սիրտով՝ համարձակութեամբ եւ վստահութեամբ երկրի վրայ Իր կամքը հռչակելով այնպէս ինչպէս երկնքի մէջ է, մէկը միւսին համար աղօթելով եւ հիւանդութիւններն ու տկարութիւնները ետ մղելով:

Շնորհակալ ենք Ամենակարող Աստուծոյ, Իր անսահման ողորմութեան եւ շնորքին համար:

Կրնաք այստեղ հետեւիլ իւրաքանչիւր օրուան ծառայութեան՝

Ո՞վ է Մարդը (Ծն 1.27)

Աստուծոյ Հանգիստը (Մր 2.23-28)

Անկարելի Բան Չկայ

Իշխանութիւն

Վստահութենէն եւ Համարցակութենէն Անդին

Չորս Հանգրուանները Խօսքին, Հաւատքի եւ Օծութեան

Յիսուս' Անմոռանալի, Անխուսափելի Ճշմարտութիւնը

Նախորդ Հրապարակում Տոքթ. Թորգոմ Կարապետեանին Ձեռնադրութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Վկայականներու Բաշխում