11 ISOM-ի աշակերտներ եւ 10 Աստուածաշունչի Դպրոցի ուսանողներ ստացան իրենց համապատասխան վկայականները 18 Նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան պաշտամունքի ատեն: Մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն կը տիրէր ամբող սրահին մէջ մինչ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ ամբողջ ընտանիքը պաշտեց Տէրը, սորվեցաւ Վեր.Գէորգի Անսակարկ Հնազանդութեան մասին մասին քարոզէն եւ մտիկ ըրաւ շրջանաւարտներու վկայութիւններուն: Չորս շրջանաւարտներ վկայեցին այն թանկագին դասերուն մասին, որոնք սորված էին մեր դպրոցներու մէջ իրենց լսած աստուածաշնչական նիւթերէն:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուս' Անմոռանալի, Անխուսափելի Ճշմարտութիւնը - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ
Յաջորդ Հրապարակում Հաշմանդամներու Եռանիւ Հեծանիւներու Բաշխում