Մարտ ամսուայ մեր կանանց նախաճաշը օրհնուած էր եւ թարմացնող: 
Մարինան տուաւ իր վկայութիւնը թէ ի՛նչպէս Քրիստոսի գալը զինք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս բժշկած էր: Յետոյ մենք լսեցինք Փոլինին յուզիչ պատգամը Սամարացի կնոջ մասին, որ հանդիպեցաւ Յիսուսի: 
Մենք շնորհակալ ենք միասին մեր անցուցած ժամանակին եւ այն նոր տիկիններուն համար, որոնց ծանօթացանք:






