Ելք 15.26ին մէջ Տէրը կ'ըսէ իր ժողովուրդին՝ «Ես եմ Տէրը որ քեզ կը բժշկեմ»: Աստուծոյ խոստումները յաւիտենական են եւ Ան այսօր եւս իր ժողովուրդին Տէրն ու բժիշկն է, որ կը բժշկէ ամէն ախտ եւ հիւանդութիւն:

Հովիւ Գէորգը Հայաստանի Աստուծոյ Ժողովուրդ Եկեղեցիին մէջ ծառայեց Մայիս եւ Յուլիս 2013-ին: ՄԱյիսի ծառայութիւններուն ընթացքի վկայեցին 32 բժշկուողներ:

Շատ գեղեցիկ էր յատկապէս բժշկութիւններէն մէկը, երբ Տէրը քարոզը ընդհատեց յայտնելու համար Կարէնի ստամոքսի բժշկութիւնը:

Վրէժ բժշկուեցաւ 7 տարուան դաստակի ցաւէ, զոր ունէր կոտրուածքի պատճառով:

Տէրը մանրամասն յայտնեց մարմինի վրայ զանազան ցաւեր եւ բժշկեց զանոնք: Գոհար, Վարդան, Աշխէն եւ Մաքսիմ վկայեցին:

Արցիօմի երեք տարուան գլուխի ցաւը ամբողջութեամբ բժշկուեցաւ:

Զուարթ ողնաշարի ցաւ ունէր եւ ողնաշարին վերի բաժինին վրայ ուռեցք կար: Ուռեցքը անմիջապէս անցաւ:

Ուրիշներ եւս վկայութիւն տուին մկանային, կռնարկի, ականջի եւ ուրիշ բաժիններու վրայ իրենց ստացած բժշկութիւններուն համար:

Իրապէս Տիրոջ գործերը եւ գործելակերպը հրաշալի ու զարմանալի են: Յուլիս ամսուն երբ Հայաստանի մէջ նորէն ծառայութիւն եղաւ,Սուսաննա իր վկայութիւնը տուաւ, թէ ինչպէս Մայիս ամսուն երբ ինք ծառայութիւններուն կը հետեւէր ուղիղ եթերով, Տէրը յայտնած էր իր ցաւին մասին ու բժշկած էր զինք:

Ծառայութիւններուն ընթացքին, 8 ուրիշ անձեր վկայեցին:

Անոնցմէ էին Նազելին ու լուիզան:

Տէրը յաղթական է ու կը տիրէ: Ալէլուիա Անո՛ր, որ կարող է ամէն ախտ, հիւանդութիւն եւ տառապանք բժշկելու:

Նախորդ Հրապարակում Սուրիացի Ապաստանեալներու Ծառայութիւն - Տեղեկագիր Թիւ 1
Յաջորդ Հրապարակում Սուրիացի Ապաստանեալներու Ծառայութիւն - Տեղեկագիր Թիւ 2