25 եւ 26 Մայիսին, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցին հիւրընկալեց Աւետարանիչ Ռիչըրտ Շարփը, որ սորվեցուց աւետարանչութեան մասին՝ հայթայթելով միջոցներ եւ ձեւեր մարդոց Քրիստոսի բարի լուրը հասցնելու:
Առաջին պահուն, աւետարանիչը ներկայացուց այն հարցումը, որով կրնանք մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել՝ անոնց Աստուծո՛յ փափաքին մասին խօսելու համար:
Երկրորդ պահուն, Ռիչըրտ Շարփ ներկայացուց աւետարանչութեան գործնական ձեւ մը, որ կը բաղկանար ապարանջայէ մը եւ «Մէկ Փափաք» վերնագիրով գրքոյկէ մը, որուն հեղինակն է ինք:
Երրորդ պահուն, աւետարանիչը խօսեցաւ աւետարանչութեան այդ ձեւին ետին գտնուող աստուածաշնչական տասը արժէքներու մասին:
Այս պահերուն յաջորդեց խումբերով ճամբայ իջնելով անհատական աւետարանչութիւն՝ ուսուցումները գործնականի վերածելու նպատակով:
27 Մայիսին, Աւետարանիչ Ռիչըրտ Շարփը եկեղեցիին խօսեցաւ «Տուփէ դուրս Գործող Եկեղեցին» նիւթը:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կրնաք այցելել՝ onewish4u.com